2013-11-20 09:41:34

Սարգսեան - Ալիեւ հանդիպումէն ետք` Մինսքի խմբակի հաղորդագրութիւնը։


Վիեննայի մէջ երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպման արդիւնքներուն մասին տարածած են մամլոյ հաղորդագրութիւն մը:
«Համանախագահները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ողջունեցին Վիեննայի մէջ, ուր նախագահները ժամանած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ընկերակցութեամբ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները (Ռուսիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Ասիկա նախագահներուն առաջին հանդիպումն էր 2012-ի յունուարին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որուն բնագիրը տարածած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Առանձնազրոյցի, ապա ատոր յաջորդած համանախագահներու եւ նախարարներու հետ աշխատանքային հանդիպումին ընթացքին նախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
«Նախագահները համաձայնած են թափ հաղորդել հետագայ բանակցութիւններուն` ուղղուած խաղաղ լուծման ձեռքբերման, եւ յանձնարարել իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն` համանախագահներուն հետ միասին, կատարուածին հիման վրայ շարունակելու աշխատանքը` խաղաղ հոլովոյթի աշխուժացման նպատակով: Անոնք համաձայնած են դարձեալ հանդիպիլ յառաջիկայ ամիսներուն», կը յայտարարեն Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Համանախագահները նաեւ կը տեղեկացնեն, որ իբրեւ հետագայ քայլ` իրենք պիտի կազմակերպեն աշխատանքային հանդիպումներ նախարարներու հետ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի «հարթակներուն վրայ». նիստը տեղի պիտի ունենայ 5-էն 6 դեկտեմբեր` Քիեւի մէջ: Համանախագահները կը ծրագրեն մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջը շրջան այցելել:







All the contents on this site are copyrighted ©.